«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան Ժողովրդավարական համախմբում խորհրդարանական պլոքէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ՝ քննարկելու կառավարութեան ճգնաժամը եւ երկրի տնտեսական իրավիճակը:
«Մենք քննարկեցինք կառավարութեան կազմաւորման, ինչպէս նաեւ նախագահութեան լիազօրութիւններուն հետ կապուած տեղի ունեցող սահմանադրական բանավէճերու հարցը»,- հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսաւ ԸՅԿի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլահը: