«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` ընտրական երկար օրուայ կիսուն ԿԸՀի մէջ ընտրութիւններու ընթացքի կապակցութեամբ հրապարակումին Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւնները Ընթացան Բնականոն Հունով ըսաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:
Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու, կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրական ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած են 1444 թեկնածուներ: Ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու, կուսակցութիւններու դաշինքներու 4ի համապետական ընտրական ցուցակներու երկրորդ բաժնին մէջ ընդգրկուած են վերջին մարդահամարի տուեալներով աւելի մեծ թիւով մշտական բնակչութիւն ունեցող առաջին չորս ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ` ընդհանուր թիւով 12 թեկնածուներ:
Մուկուչեանի խօսքով` ՀՀի մէջ քուէարկութիւն ապահովելու նպատակով կազմաւորուած են 2010 ընտրատեղամասեր, անոնցմէ 12ը կազմաւորուած են քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ: Եւ համաձայն Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն՝ բացուեցան երէկ, սակայն աւելի ուշ ժամու: Թիւով 41 տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներու մէջ քուէարկութիւնը կը կազմակերպեն նաեւ շրջիկ արկղերու միջոցով: Սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներով բացուած են մնացած բոլոր 1998 տեղամասային կեդրոնները հաստատած է Մուկուչեան:
Ըստ ԿԸՅ Ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կ’իրականացնեն թիւով 8 միջազգային եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու 505 միջազգային դիտորդները եւ 17813 տեղական դիտորդներ, որոնք կը ներկայացնեն քսաներկու տեղական հասարակական կազմակերպութիւններ: Այցելուի կարգավիճակով քուէարկութեան ընթացքին հետեւելու իրաւունք ստացած են 77 օտարերկրեայ քաղաքացիներ:
Ընտրութիւնները լուսաբանելու նպատակով հաւատարմագրուած են 70 լրատուամիջոցներու 1200 ներկայացուցիչներ եւ 31 օտարերկեայ լրատուամիջոցներու 80 ներկայացուցիչներ: «Այս պահուն ընտրութիւնը կ’ընթանայ բնականոն հունով»,- եզրափակեց Մուկուչեանը: