«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դեկտեմբեր 9ին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու օրը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը գործեց առաւօտեան կանուխ ժամերէն։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՄԻՊ գրասենեակէն տեղեկացուցած են, թէ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, որ ընտրական գործընթացի անկախ դիտարկում կ’իրականացնէ ինչպէս աշխատակազմի կեդրոնական, այնպէս ալ Շիրակի, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզային ստորաբաժանումներուն մէջ:
Նշուած մարզերէն բացի՝ աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչները գործուղուած են նաեւ այլ մարզեր՝ ընտրական իրաւունքներուն առնչուող հաւանական բողոքները տեղնուտեղը ուսումնասիրելու եւ ըստ անհրաժեշտութեան արագ արձագանգելու նպատակով:
Առանձին ուշադրութեան ներքոյ եղած են լրագրողներու եւ դիտորդներու աշխատանքին առնչուող հարցերը:
Ընտրական իրաւունքներու իրականացման առնչուող բողոքները կամ ահազանգերը Պաշտպանի աշխատակազմ կարելի եղած է ուղղել թէժ գիծի հեռախօսահամարներով: