«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Կիրակի ուղղուեցաւ Մարոք՝ մասնակցելու գաղթի հետ կապուած խորհրդաժողովին: Այս մասին արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ աղբիւր մը հաւաստեց «The Daily Star»ին:
Պասիլ պիտի մասնակցի Մարրաքեջի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, ուր ինքը, այլ նախարարներ, ներկայացուցիչներ եւ պետութիւններու ղեկավարներ պաշտօնապէս պիտի ընդունին Ապահով, կարգաւորուած եւ կանոնաւոր գաղթի համաշխարհային համաձայնագիրը՝ ըստ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջին: