«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող Վիգէն Սարգսեան յոյսով է, որ իրենց մտահոգութիւններն ու մօտեցումները հասած են ընտրողին եւ հասարակութեան, որ կը վստահի ՀՀԿին ու իր ձայնը կու տայ հաւասարակշռող կարեւոր գործօնի: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին ԱԺ ընտրութիւններուն քուէարկութենէն ետք Վիգէն Սարգսեան ըսաւ ընտրատեղամասի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ:
«Ես առաջին հերթին մեծ ակնկալիք ունիմ, որ մեր հանրութիւնը այսօր աշխոյժ մասնակցի ընտրութիւններուն: Սա շատ կարեւոր է, յատկապէս երկրի համար վճռորոշ պահերուն համախմբուածութիւն պէտք է: Անկախ անկէ, թէ ո՛վ ինչ դիրքորոշում ունի, ամենավերջին բանը, որ կարելի է ընել, այսօր տունը նստիլն է: Պէտք է երթալ եւ քուէարկել, կատարել ընտրութիւն, կողմնորոշուիլ եւ գիտակցուած ձայնը տալ այն ուժին, որուն հետ կը կապեն երկրի ապագան՝ ըլլայ գործող իշխանութիւն, թէ անոր հակակշռող ուժ:
Երկրորդը՝ կ’ակնկալեմ, որ օրուան վերջը ունենանք աւելի համախմբուած հասարակութիւն: Ես այսօր քուէարկած եմ այն Հայաստանի համար, ուր ոեւէ մէկուն միտքով չ’անցնիր հասարակութիւնը բաժնել սեւերու եւ սպիտակներու, քանի որ ատիկա ուղիղ ճամբայ է դէպի ներքին թշնամիի ձեւաւորում»,- ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:
ՀՀ ցուցակը գլխաւորող գործիչը նշեց, որ պէտք է ունենալ ամուր, աւելի համախմբուած, աւելի արագ թափով զարգացող երկիր: «Մեր մարտահրաւէրները շատ մեծ են, իսկ ունեցած պաշարները՝ անոնցմէ անհամեմատ աւելի փոքր: Ես կ’ակնկալեմ, որ այսօրուան քուէարկութենէն ետք կ’ունենանք երկիր, ուր գոնէ այն հարցերուն մէջ, որոնք մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունին՝ անվտանգութիւն, պաշտպանութիւն, արտաքին քաղաքականութիւն, մենք կը յենինք գիտելիքի, փորձի, հետեւողականութեան վրայ ու չենք ըներ քայլեր, որոնք կրնան թուլցնել մեր դիրքերը տարածաշրջանին մէջ»,- յայտարարեց Սարգսեանը:
Նա ընդգծեց, որ այս ընտրություններում ՀՀԿ-ն աշխատել է քարոզչական շատ ակտիվ պաշարով, ունեցել է ակտիվ շփումներ ընտրողների հետ և՛ հեռուստատեսության միջոցով, և՛ տեղերում, և՛ ռեյտինգային թեկնածուների միջոցով: