Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւնները Ընթացան Բնականոն Հունով. ԿԸՅ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ` ընտրական երկար օրուայ կիսուն ԿԸՀի մէջ ընտրութիւններու ընթացքի կապակցութեամբ հրապարակումին Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւնները Ընթացան Բնականոն Հունով ըսաւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:

Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու, կուսակցութիւններու դաշինքներու ընտրական ցուցակներուն մէջ ընդգրկուած են 1444 թեկնածուներ: Ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու, կուսակցութիւններու դաշինքներու 4ի համապետական ընտրական ցուցակներու երկրորդ բաժնին մէջ ընդգրկուած են վերջին մարդահամարի տուեալներով աւելի մեծ թիւով մշտական բնակչութիւն ունեցող առաջին չորս ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ` ընդհանուր թիւով 12 թեկնածուներ:

Մուկուչեանի խօսքով` ՀՀի մէջ քուէարկութիւն ապահովելու նպատակով կազմաւորուած են 2010  ընտրատեղամասեր, անոնցմէ 12ը կազմաւորուած են քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ: Եւ համաձայն Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն՝ բացուեցան երէկ, սակայն աւելի ուշ ժամու: Թիւով 41 տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներու մէջ քուէարկութիւնը կը կազմակերպեն նաեւ շրջիկ  արկղերու միջոցով: Սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներով բացուած են մնացած բոլոր 1998 տեղամասային կեդրոնները հաստատած է Մուկուչեան:

Ըստ ԿԸՅ Ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կ’իրականացնեն թիւով 8  միջազգային եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու 505 միջազգային դիտորդները եւ 17813 տեղական դիտորդներ, որոնք կը ներկայացնեն քսաներկու տեղական հասարակական կազմակերպութիւններ: Այցելուի կարգավիճակով քուէարկութեան ընթացքին հետեւելու իրաւունք ստացած են 77 օտարերկրեայ քաղաքացիներ:

Ընտրութիւնները լուսաբանելու նպատակով հաւատարմագրուած են 70 լրատուամիջոցներու 1200 ներկայացուցիչներ եւ 31 օտարերկեայ լրատուամիջոցներու 80 ներկայացուցիչներ: «Այս պահուն ընտրութիւնը կ’ընթանայ բնականոն հունով»,- եզրափակեց Մուկուչեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին