«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն խորհրդարան չանցնելու եւ կրկին ԱԺ նախագահ չըլլալու պարագային Արա Պապլոյեան 7րդ գումարման ԱԺին մաղթեց մեծ ջանքեր ներդնել տնտեսութեան զարգացման եւ բնակչութեան բարեկեցութեան հարցին մէջ:
«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան ըսաւ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:
«Ես կարծում եմ, որ մեր հիմնական նպատակը պէտք է լինի մեր երկրի եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովումը, ժողովրդավարութիւնը, որ մենք այս պահին ունենք, աւելի զարգացնելն ու ամրապնդելը, այն արժէքները պահպանելը, ինչի համար մենք մինչ հիմա պայքարել ենք»,- նշեց Պապլոյեան: