Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

ԱԺ Արտահերթ Ընտրութիւններու Անկախ Դիտարկումի Նպատակով Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպանի Ներկայացուցիչները Գործուղուած Են Մարզեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Դեկտեմբեր 9ին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու օրը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը գործեց առաւօտեան կանուխ ժամերէն։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ՄԻՊ գրասենեակէն տեղեկացուցած են, թէ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, որ ընտրական գործընթացի անկախ դիտարկում կ’իրականացնէ ինչպէս աշխատակազմի կեդրոնական, այնպէս ալ Շիրակի, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզային ստորաբաժանումներուն մէջ:

Նշուած մարզերէն բացի՝ աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչները գործուղուած են նաեւ այլ մարզեր՝ ընտրական իրաւունքներուն առնչուող հաւանական բողոքները տեղնուտեղը ուսումնասիրելու եւ ըստ անհրաժեշտութեան արագ արձագանգելու նպատակով:

Առանձին ուշադրութեան ներքոյ եղած են լրագրողներու եւ դիտորդներու աշխատանքին առնչուող հարցերը:

Ընտրական իրաւունքներու իրականացման առնչուող բողոքները կամ ահազանգերը Պաշտպանի աշխատակազմ կարելի եղած է ուղղել թէժ գիծի հեռախօսահամարներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին