Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Հայաստանը Նոր Խորհրդարան Ընտրեց

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախնական Տուեալներով Ընտրութիւններուն Մասնացած Է Ընտրելու Իրաւունք Ունեցող  Քաղաքացիներուն 48.63 Տոկոսը

Երէկ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութիւնը: Արդարրեւ Դեկտեմբեր 9ին՝ առաւօտեան ժամը 08:00ի դրութեամբ, բացուած են Հանրապետութեան ողջ տարածքին ձեւաւորուած 13 ընտրատարածքներու 2010 տեղամասերը:

Քուէարկութիւնը աւարտած է ժամը 20:00ին, որմէ ետք սկսած է ձայներու հաշուարկը:

Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցած է 11 քաղաքական ուժ՝ 9 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք: Մասնակցող ուժերն են՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, «Քաղաքացիի որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը, «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, «Քրիստոնէա-ժաղովրդական վերածնունդ» կուսակցութիւնը, «Ազգային յառաջընթաց» կուսակցութիւնը, «Մենք» դաշինքը, «Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւնը, «Սասնայ ծռեր» կուսակցութիւնը եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը:

Համաձայն ՀՀ ոստիկանութեան տուեալներուն՝ ընտրողներու ընդհանուր թիւը 2 միլիոն 573 հազար 779 է:

Տեղամասային ընտրական յանձնաժողովի անդամներու թիւը 12,549 է, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաշուառում չունեցող ընտրողներու թիւը` 206, ընտրական տեղամասեր գործուղուող ոստիկանութեան ծառայողներու թիւը՝ 480, եւ բուժում իրականացնող բժշկական հաստատութեան մէջ գտնուող ընտրողներու թիւը 844 է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին