Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից 

ՀայաստանԱրցախ Գիւղատնտեսութիւնը Պէտք Է Ընդհանուր Ջանքերով Զարգացուի

Դեկտեմբեր 2-3 ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնով Գեղամ Գէորգեանը առաջին անգամ ըլլալով Արցախ է: Ան ժամանած է ոլորտի պատասխանատուներէն կազմուած պատուիրակութեամբ: Արցախցի գործընկերոջ հետ «Տոհմային կայան» հասած է՝ անասնաբուծութեան ոլորտին մէջ Արցախի փորձով հետաքրքրուած: Փորձը արդէն մօտ 10 տարուան ճամբայ անցած է: Պետական միջոցներով՝ մեկնարկը տրուած է բարձր մթերատուութեան կենդանիներու ներկրումէն եւ անոնք՝ տեղական կլիմայական պայմաններուն յարմարեցնելէ, շարունակուած՝ որպէս տեղական հօտի բարելաւման ծրագիր: Հետեւաբար, ներկրուածէն կրկնակի թիւով կենդանիներ արդէն արտօնեալ պայմաններով մասնաւոր ագարակատէրերուն տրամադրուած են՝ տեղական նախիրի մէջ խառնածիններու թիւը հասցնելով մի քանի հազարի: Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալը մթերատուութեան վիճակագրութեան դրական շարժը անմիջականօրէն այս ծրագիրին հետ կը կապէ: «Եթէ 2010ին Արցախի մէջ մէկ կովի միջին կաթնատուութիւնը տարուայ կտրուածքով կը կազմէր 1630 լիթր, ապա այժմ մէկ կովի միջին կաթնատուութիւնը 2350 լիթրի հասած է, իսկ խառնածին կենդանիները, որոնք տեղական կլիմային շատ աւելի լաւ յարմարած են, անզէն աչքով ալ կը տարբերին արցախեան կենդանիներէն»,- պնդումը թիւերու եւ փաստերու կը վերածէ Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Տիգրան Առստամեանը: Իրենց տեսածէն հիւրերն ալ տպաւորուած են: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ալ տեղական հօտի բարելաւման ծրագիրները օրակարգի վրայ են: Արցախի մէջ գործող տոհմային կայանը կրնայ ոչ միայն օրինակ, այլեւ գործընկեր ըլլալ: «Մենք եւս ունենք տեղական հօտը բարելաւելու ծրագրեր: Նախատեսում ենք մթերատուութեան բարձր ցուցանիշներ ունեցող ցեղատեսակներ ներկրել: Եթէ Արցախում դրական փորձը արդէն կայ, իսկ դրանում անձամբ համոզուեցինք, ինչու չօգտագործել նաեւ Արցախի փորձը, նաեւ կարող ենք Արցախում աճեցուած կենդանիներն օգտագործել եւ ոչ թէ միայն արտերկրից ներկրել»,- կը կարեւորէ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Գեղամ Գէորգեան:

Այցելութեան յաջորդ հասցէն Հադրութի շրջանն էր, Տող գիւղը: Ահաւասիկ այստեղ կ’արտադրուի յայտնի Քաթարօ գինին: Ի՞նչ պայմաններու մէջ կ’աշխատին, ի՞նչպէս կը պահպանուի արտադրանքը: Որպէս փոքր տնտեսութեան օրինակ՝ այստեղ ամէն ինչ կը հետաքրքրէ հիւրերը: «Ոգելից խմիչքների արտադրութիւնը մեր գիւղատնտեսական արտադրանքի մի զգալի մասն է ապահովում: Ծրագրում ենք աւելի զարգացնել այդ ուղղութիւնը, նաեւ միջազգային շուկայում ամրապնդուելու ծրագրեր կան,- կը մանրամասնէ Գեղամ Գէորգեան:- Այդ ճանապարհին նաեւ անելիքներ, խնդիրներ կան: ՀՀ գիւղնախարարութիւնն արտադրողներին եւ վերամշակողներին օժանդակելու գործիքներ ունի, տեղեկացել եմ, որ Արցախում եւս աջակցութեան ծրագրեր կան: Այնպէս որ, լաւատես եմ»: Յաջողած օրինակներէն մէկն ալ Քաթարօ գինին է: Հիւրերը համտեսեցին, հաւնեցան, արտադրողին ալ առաջարկեցին արտադրութիւնը ընդլայնել: Գործարանը ունեցած հնարաւորութիւններով կրնայ տարեկան 100 հազար շիշ գինի թողարկել: Գործարանի տնօրէն Կրիկորի Աւետիսեան չի թաքցներ, որ ընդլայնման հեռանկարը կայ: Սկսած է ամենակարեւորէն՝ այգիներու ընդլայնումէն: «Սպառումի հետ կապուած դժուարութիւններ չկան: Մօտ մէկ տասնեակ երկիրներուն մէջ արդէն հասցուցած ենք մեր արտադրանքը ներկայացնել: Հաւնած են: «Քաթարօ» գործարանը այս պահուն կրնայ տարեկան 100 հազար շիշ արտադրանք տալ, բայց դեռ չենք հասած այդ մակարդակին. խնդիրը որակեալ հումքի պակասն է: Անոր համար ալ որոշած ենք մեր խաղողայգիները ընդլայնել: Նոր այգիներ տնկած ենք, որոնք 3-4 տարի ետք բերքի տակ կ’ըլլան»:

Քննարկումները, արդէն փողկապներով, շարունակուած են Ստեփանակերտի մէջ: Ընդգծուած է առկայ հնարաւորութիւնները գոյքագրելու, քարտէսագրելու եւ ընելիքներն ու ծրագրերը համապատասխանեցնելու անհրաժեշտութիւնը: Արցախը իր գիւղատնտեսական ներուժով կրնայ հայկական իրականութեան մէջ ներկայիս ունեցածէն աւելի ծանրակշիռ տեղ գրաւել: Անասնապահութեան եւ անասնաբուժութեան, հակահամաճարակային միջոցառումներու կազմակերպման ու կանոնակարգման հարցերուն մէջ կապերը ոչ թէ պարզապէս նախարարներու կամ փոխնախարարներու, այլեւ որոշակի ոլորտի մէջ աշխատող մասնագէտներու միջեւ պէտք է ըլլան, կարեւորած է Արցախի գիւղատնտեսութեան նախարար Ժիրայր Միրզոյեանը: Գեղամ Գէորգեանն ալ իր հերթին ընդգծած է բոլոր ծրագիրները համատեղ մշակելու, համատեղ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ընդհուպ մինչեւ տարբեր ոլորտներու մէջ մասնագէտներու բաշխումը, նոյնիսկ մասնագէտներու պատրաստումն ու վերապատրաստումը: Նեղ կազմով հանդիպումէն ետք քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով: Աւելի ուշ, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատարը ընդունած են Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը եւ պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը:

Բանակցութիւնները՝ Պատերազմի Այլընտրանք

Դեկտեմբեր 5ի ուշ երեկոյեան Միլանի մէջ կայացած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ  Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովի հերթական հանդիպումը: Հանդիպումին նախորդած են նախարարներու հանդիպումները ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ: Առայժմ Երեւանէն եւ Պաքուէն հանդիպումին առթիւ միայն լաւատեսական զգուշաւոր գնահատականներ կը հնչեն: Ստեփանակերտէն հնչած գնահատականն ալ, ընդհանուր առմամբ, կը տեղաւորուի այդ տրամաբանութեան մէջ:

Զգուշաւոր Լաւատեսութիւն՝ Երեք Մայրաքաղաքներէն

Միլանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը հանդիպեցան երրորդ անգամ: Ստեփանակերտի ներկայացուցիչը համոզուած է, որ հակամարտութեան կողմերը շատ հարցերու մէջ ունին հակառակ տեսակէտներ, բայց կան մօտեցումներ, որոնք կրնան ընդունելի ըլլալ բոլորին համար, եթէ նպատակը հակամարտութեան կարգաւորումն է: «Ուժի չկիրարկումը, խաղաղ միջոցներով բոլոր վիճայարոյց հարցերու լուծումը. ասոնք այն մօտեցումներն են, որոնք պէտք է գերակշռող ըլլան»,- կը թուարկէ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած տեղեկութեան համաձայն՝ արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը միտուած էր աւելի հանգամանալից ծանօթանալու խաղաղութեան գործընթացի վերաբերեալ մէկզմէկու դիրքորոշումներուն ու մօտեցումներուն եւ ծաւալուած է միտքերու օգտակար փոխանակութիւն: Արձագանգած է նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ըստ «Թրենտէ» լրատուական գործակալութեան՝ Մամետիարովը նշած է, որ երեք ժամ տեւած բանակցութիւնները կարեւոր եւ օգտակար էին: Ստեփանակերտի մէջ ալ գնահատականները զգուշաւոր-լաւատեսականի շրջագիծին մէջ են: «Որեւէ այսպիսի հանդիպում մենք կ’արժեւորենք: Որովհետեւ նման հանդիպումները ցոյց կու տան, որ բանակցային գործընթացը կը շարունակուի»,- կը գնահատէ Դաւիթ Պապայեանը: Աւելին, ակնկալելու հիմքեր այս պահուն չկան: Բանակցային գործընթացը կը շարունակուի թերի ձեւաչափով: «Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութիւնը դեռ վերականգնուած չէ: Չնայած Երեւանն ալ պարբերաբար կը պնդէ անոր անհրաժեշտութիւնը»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետը:

Այս ձեւաչափով հանդիպումները կը շարունակուին: Նախարարները պայմանաւորուեցան յառաջիկային շարունակել հանդիպումները՝ պահպանելով ձեւաւորուած թափը, ըսուած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած տեղեկութեան մէջ ալ ժամկէտները կը յստակեցուին, ամենայն հաւանականութեամբ՝ արտաքին գործոց նախարարներու չորրորդ հանդիպումը կը կայանայ 2019ի Յունուարին:

Միջնորդները Կը Վերահաստատեն՝ Խաղաղ Կարգաւորումը Այլընտրանք Չունի

Միլանի մէջ ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի ծիրէն ներս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց  նախարար Էլմար Մամետիարովը եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, որով պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու աշխատանքը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: «Համանախագահող երկիրները ողջունած են առաջնագիծին վրայ հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ հաղորդուող կորուստներու էական նուազումը, ինչը յաջորդած է Տուշամպէի մէջ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայացած խօսակցութեան»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Անոնք յորդորած են կողմերուն շարունակել իրականացնել ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ սեփական ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու միջոցներու ձեռնարկել: Համանախագահող երկիրները յոյս յայտնած են նաեւ, որ կողմերու միջեւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը կրնայ մօտ ապագային յանգեցնել խնդիրի կարգաւորման, նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Արցախի Մէջ Կայացած Են 1988ի Երկրաշարժի 30րդ Տարելիցին Նուիրուած Միջոցառումներ

Արցախցի մեծ մայրիկը գլուխը ձեռքերով բռնած. յուշարձանը Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին նուիրուած: Անիկա Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ յայտնուեցաւ 88ի Դեկտեմբեր 7էն 1-2 ամիս անց: Ասլան Գրիգորեանը Արցախէն Սպիտակ մեկնած փրկարարական առաջին խումբը կը գլխաւորէր: 1988ի վերջին արցախահայութիւնը դեռ Սումկայիթեան ջարդերէն չէր հասցուցած ուշքի գալ: Պաքուն արդէն անթաքոյց ճնշումները սկսած էր: Կը թուէր, թէ դիմանալը անհնար կ’ըլլայ: Փրկարար խումբերուն անգամ դժուարութեամբ կը թոյլատրէին սահմանը անցնիլ ու աղէտի գօտի մեկնիլ: «Հասանք հայ-ազրպէյճանական սահման: Մի քանի ժամ այնտեղ մնացինք: Յետոյ ձեւով մը արձակեցին: Հասանք Սպիտակ ու մեր գլուխները բռնեցինք: Այնտեղ հասկցանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հոգիի ցաւը: Այդ անհնար է պատկերացնել ու պատմել»,- կը պատմէ Ստեփանակերտի բնակիչ Ասլան Գրիգորեանը:

30 տարի առաջ նոյնիսկ սգալու ժամանակ չկար: Առաջին երեք օրը աղէտի գօտի հասած խումբը աշխատած է առանց դադարի: «Երրորդ օրը զգացինք, որ գլխապտոյտ կ’ունենանք: Այնքան կը տարուիս այդ գործով, որ չես հասկնար՝ գիշե՞ր է, ցերե՞կ է: Իսկ գլխապտոյտը ուրկէ՞ էր: Յետոյ հասկցանք, որ երեք օրուան ընթացքին կտոր մը հաց նոյնիսկ չենք կերած»,- 30 տարի անց ալ արցունքը աչքերուն կը յիշէ Ասլան Գրիգորեանը:

30ամեայ ցաւի յիշատակը կանուխ առաւօտէն Ստեփանակերտի յուշահամալիր կը բերէ արցախցիներուն: Յուշահամալիր է նաեւ Արցախի ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ: Յուշահամալիրին մէջ հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է Արցախի թեմի առաջնորդի ձեռամբ: Մեծ ցաւը կը պարտաւորեցնէ: «Մենք այդ զոհերուն յիշատակը լաւագոյնս կը պահենք՝ մեր ազնիւ կեանքով, մեր հայեցի ճանապարհով, կերտելով մեր վստահելի, մեր խաղաղ ու պատուարժան ապագան»,- կ’ընդգծէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:

Ինչպէս երեսուն տարի առաջ, այսօր ալ Արցախի մէջ միասնականութիւնը կը համարեն բոլոր յաջողութիւններու հիմքը: Արցախի խորհրդարանի նախագահը նաեւ այդ կը համարէ Դեկտեմբեր 7ի խորհուրդը: «Այս բոլոր տարիներու մեր յաջողութիւններու հիմքին այդ եղած է, որ ամենադժուար պահերուն ազգային միասնականութիւնը մեզի թոյլ կու տայ դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները: Եւ այս օրերուն յարգելով երկրաշարժի զոհերու յիշատակը, մենք նաեւ այս խորհուրդը կը փոխանցենք սերունդներուն»,-  յուշահամալիրին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ընդգծած է Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:

Դեկտեմբեր 7ին նուիրուած միջոցառումներ տեղի ունեցած են Արցախի բոլոր բնակավայրերուն մէջ:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին