«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն կատարեց իր քուէարկութիւնը, մաղթեց, որ ընտրութիւնները անցնին ազատ ու անկախ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ քուէարկութեան եկած էր տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, իր քաղաքացիական պարտքը կատարեց 9/59 ընտրատեղամասին մէջ:
«Ես ուզում եմ շնորհաւորել ՀՀ բոլոր քաղաքացիներին այս օրուայ առթիւ: Սա կարեւոր օր է, երբ ժողովուրդը պէտք է արտայայտի իր կամքը: Քանի որ սա ժողովրդի կարեւորագոյն իրաւունքն է, հետեւաբար սա տօն է: Յոյս ունեմ, որ մեզնից իւրաքանչիւրը կը կատարի իր պարտականութիւնը՝ գալով ընտրատեղամաս ու ընտրելով: Ընդ որում, ընտրելով ազատ, անկաշկանդ եւ անկախ»,- լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
Ան յոյս յայտնեց, որ ընտրութիւնները կ’ըլլան ազատ եւ անկախ: «Սրանք պէտք է լինեն ընտրութիւններ ապագայի համար: Իւրաքանչիւր ընտրող պէտք է մտածի եւ դատի իր խղճով, մտածի իր ընտանիքի, երեխաների մասին, այն պատասխանատուութեան մասին, որը կրում է: Իսկ երկրի ապագայի համար պատասխանատուութիւն կրում են բոլորը՝ ե՛ւ նախագահը, ե՛ւ վարչապետը, ե՛ւ Ազգային ժողովը, ե՛ւ նախարարները, բայց նախ եւ առաջ՝ իւրաքանչիւր քաղաքացի: Սա իւրաքանչիւր քաղաքացու համար իր պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ցուցադրելու պահն է: Ուստի կրկին ուզում եմ ձեզ շնորհաւորել ընտրութիւնների առթիւ եւ մաղթել, որ ընտրութիւնները լինեն իսկապէս ազատ եւ անկախ»,- յայտարարեց նախագահ Սարգսեան: