«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ այցելեց Էջմիածին քաղաքի 14/11 ընտրական տեղամաս, ուր մասնակցեցաւ ՀՀ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան: «Քուէարկեցինք աղօթքով մեր երկրի կայունութեան, խաղաղութեան եւ յառաջընթացի համար, որպէսզի մեր ժողովուրդն ապրի ապահով, անվտանգ ու բարօր կեանքով, սիրոյ եւ միաբանութեան մէջ: Թող Աստուած օրհնի մեր երկիրը եւ աշխարհասփիւռ ազգս հայոց»,- «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ քուէարկութենէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: