Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Ամբողջ Աշխարհի Ուշադրութիւնը Բեւեռուած Է Հայաստանի Մէջ Ընթացող Խորհրդարանական Արտահերթ Ընտրութիւններուն Վրայ

Քաղուածքներ Օտար Մամուլէն

Ողջ աշխարհի առաջատար լրատուամիջոցները Դեկտեմբեր 9ի առաւօտ կանուխէն կը հետեւեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող  խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան ընթացքին:

Բրիտանական «BBC»ն «Հայաստանի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան կ’իրականացնէ փորձնական արտահերթ ընտրութիւններ» խորագրով յօդուածին մէջ կը գրէ. «Հայերը Կիրակի կը քուէարկեն խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն, որ Ապրիլին երկիրը ցնցած խաղաղ «թաւշեայ յեղափոխութեան» ետեւ կանգնած մարդու համար կարեւորագոյն քննութիւնն է»: Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Փաշինեանի ղեկավարած «Իմ քայլը» դաշինքը, ըստ ամենայնի, կը ստանայ խորհրդարանական մեծամասնութիւն:

Ընտրութիւններուն անդրադարձած է ֆրանսական «AFP» գործակալութիւնը «Նոյի երկիրը. Հայաստանի պատմութիւնն ու մշակոյթը» խորագրով յօդուածին մէջ: Լրատուամիջոցը առանձնացուցած է Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի շարք մը ուշագրաւ կէտեր՝ առաջին քրիստոնէական ազգը ըլլալէ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, ԵՈՒՆԵՍՔՕի ժառանգութենէն մինչեւ աշխարհահռչակ հայեր:

RTն նշած է, որ «վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած «Իմ քայլը» դաշինքը կը ստանայ խորհրդարանական մեծամասնութիւն»:

«Al Jazeera»ն յիշեցուցած է, որ աւելի կանուխ Փաշինեանի ղեկավարած քաղաքական ուժը խոշոր յաղթանակ տօնեց Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն՝ ստանալով ձայներու աւելի քան 80 տոկոսը: Լրագրող Ռոպին Ֆորեսթեր-Ուոքերը նշած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Փաշինեանի յաղթանակը կ’ամբողջացնէ աւելի կանուխ այս տարի սկսած խաղաղ յեղափոխութիւնը:

Իրանական «Press TV»ն յիշեցուցած է «Gallup»ի ընկերային հարցումները, որոնց արդիւնքով «Իմ քայլը» դաշինքը պիտի ստանայ քուէներու 69.4 տոկոսը:

Ընտրութիւններուն անդրադարձած է նաեւ թրքական «TRT World»ը, որ մէջբերած է Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը, ուր ան խոստացած էր Հայաստանը դարձնել «բարձր արհեստագիտութիւններու, արտահանող երկիր եւ իրականացնել տնտեսական յեղափոխութիւն»:

Իսկ գանատական «Digital Journal»ը գրած է, որ «Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւնները կ’ամրացնեն յեղափոխութեան գործընթացները»: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին