ՃԷՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Տօնական առիթով ոչ միայն նոր որակ եւ ճաշակ մատուցել մայրաքաղաք Երեւանի բնակիչներուն, այլեւ, եռուն եւ ուրախ կեանքը Երեւանէն հասցնելով սահման, հասոյթը փոխանցել երկիրը ապահով պահող սահմանամերձ գօտիներուն գտնուած անմխիթար դպրոցներու վերաշինութեան: Ահա այս էր նպատակը IWAYի (International Woman’s Association Yerevan) կազմակերպած Christmas bazaarին, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 1ին Ani Plaza հիւրանոցի ընդարձակ սրահին մէջ՝ արդէն աւանդական դարձած պարբերականութեամբ մը:
Տարբեր երկիրներու մշակոյթները ներկայացնող, արուեստի կտորներով զարդարուած սեղանները միջազգային համերաշխ մթնոլորտ կը ստեղծէին, Հնդկաստանի, Սուրիոյ, Լիթուանիայի, Լեհաստանի եւ Ղազախիստանի դեսպանատուներու կողք-կողքի կանգնած ներկայացուցչական տաղաւարները տօնական միեւնոյն ուրախ տրամադրութեամբ բարի եւ խաղաղ տարի կը մաղթէին այցելուներուն՝ ցուցադրելով եւ առաջարկելով իրենց ազգային ապրանքատեսակները՝ ժպիտներով ու բարի ցանկութիւններով համեմուած: Մթնոլորտը տօնական երաժշտութեամբ կը ջերմացնէր շրջիկ ձեռնադաշնակահարներու զոյգ մը եւ յայտնի արուեստագէտներէ կազմուած դասական երաժշտական խումբ մը:
Բարեսիրական ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցած վիճակահանութիւնը իր բազմաքանակ ու բարձրորակ նուէրներով եկաւ ամբողջացնելու ներկաներուն ու մասնակիցներուն ուրախ տրամադրութիւնները: Բոլորը հեռացան սրահէն գոհ եւ նոր տարուան հանդէպ սպասումներու իրագործման բախտաւորութեան ակնկալութեամբ: