Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ 32 Վարչութիւններու Մասնակցութեամբ Գումարեց Տարեկան Վարչական Ընդհանուր Ժողովը

Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր  2018ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան  հովանաւորութեամբ, ՀԵԸի 32 վարչութիւններու երկու  հարիւր յիսունէ աւելի  անդամ-անդամուհիներու  մասնակցութեամբ,  ՀԲԸՄ- ՀԵԸի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ   տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի տարեկան վարչական  ընդհանուր  ժողովը:

Լիբանանի, Հայաստանի,  ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի քայլերգերու  յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք,  ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան  բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն, ի մասնաւորի ՀԲԸՄի  Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի եւ ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Ան նշեց, որ վարչական ընդհանուր  ժողովը  անցնող տարուան  գործունէութիւնը արժեւորելու առիթ  մը  ըլլալէ աւելի,  ապագայի   ծրագիրներ  մշակելու, զանոնք  նոր վճռակամութեամբ եւ եռանդով շարունակելու ուխտավայր  մըն է Միութեան բոլոր միաւորներուն համար: ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետը մէկ առ մէկ գնահատեց  սկաուտական, մարզական,  մշակութային, երիտասարդական միաւորներուն  աշխատանքը:

 Վիգէն Չերչեան  շնորհակալութեան  յատուկ խօսք  ուղղեց ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովին  եւ անոր  ատենապետ  տիար  Ժերար Թիւֆենքճեանին` ՀԵԸ-ի  միջոցառումներուն  անմնացորդ   նուիրումով օժանդակելու   համար:  Ան  միաժամանակ  շնորհակալութեան խօսք յղեց  ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան  անդամներուն եւ ՀԵԸի գրասենեակին:

ՀԲԸՄի  Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի ատենադպիր  տիկին Սիլվա Լիպարիտեան ժողովին  փոխանցեց ՀԲԸՄի  Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի  ատենապետ  տիար  Ժերար  Թիւֆենքճեանի  բարեմաղթութիւնները:

Ընդհանուր  վարչական  ժողովի առաջին բաժնին մէջ,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸի վարչութիւնները գրաւոր  եւ   մեծ պաստառի վրայ տեսաերիզի օգնութեամբ  ներկայացուցին անցնող տասներկու ամիսներուն  իրենց  գործունէութիւնը:

Խօսք առնողները  յայտնապէս շեշտեցին    իրենց   ծրագիրներուն յաջողութեան   մէջ  ՀԲԸՄի  Լիբանանի  շրջանակային  յանձնաժողովին եւ  ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան  հետեւողական ջանքերը:  

Կարճ  դադարէ եւ յիշատակի  խմբանկարէ ետք,  ընդհանուր  վարչական ժողովը  շարունակեց  իր  աշխատանքը՝  քննարկելով  2019  տարեշրջանի  համար նախատեսուած  ծրագիրները իրենց   մօտաւոր նախահաշիւներով: Այս միջոցին տեղի ունեցաւ մտքերու  փոխանակում:  Առաջարկութիւնները  արձանագրուեցան, հետագայի  համար առ ի  քննարկում:

Ընդհանուր  վարչական   ժողովը   եզրափակուեցաւ  ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետին հաւաքական  աշխատանքի կոչով:

                                                                 ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ  ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին