Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Արմէն Սարգսեան Ներկայ Գտնուած է 1988-ի Աւերիչ Երկրաշարժի Զոհերու Հոգեհանգստեան Արարողութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան` տիկնոջ Նունէ Սարգսեանի հետ այսօր այցելած է մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ իր իսկ բարերարութեամբ կառուցուած սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ ներկայ գտնուած է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար արարողութեան:

Հոգեհանգստը կատարուած է Գարեգին Բ․ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ:

Մինչ արարողութիւնը խօսքով հանդէս եկած է Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Նաթան արք․ Յովհաննիսեան` անդրադառնալով մեր ժողովուրդին աղէտալի երկրաշարժի պատճառած ծանր կորուստներուն եւ առայսօր դեռ ամբողջութեամբ չյաղթահարուած հետեւանքներուն:

Հոգեհանգստեան կարգի ընթացքին Մայր Աթոռի միաբանութիւնը Վեհափառի գլխաւորութեամբ աղօթած է նաեւ օրերս զոհուած օդաչուներ փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանի ու աւագ սպայ Մովսէս Մանուկեանի եւ զինծառայող Հայկ Քարամեանի հոգիներու խաղաղութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին