Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Ճորճ Պուշ Աւագը Հողին Յանձնեցին Թեքսասի Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սպիտակ տան նախկին ղեկավար Ճորճ Պուշ Աւագը, որ անցեալ շաբաթ մահացած է 94 տարեկան հասակին, Դեկտեմբեր 6ին հողին յանձնեցին Թեքսասի գիւղատնտեսական եւ մեքենաշինական համալսարանին կից իր անուան նախագահական գրադարանի տարածքին: Դեկտեմբեր 6ին այս մասին Twitterի մէջ յայտնած է նախկին նախագահի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճիմ Մաքկրաթը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:

Պուշ Աւագը թաղած են գրադարանի շէնքին մօտ, այնտեղ կը հանգչի նախկին նախագահի տիկինը՝ Պարպարա Պուշը, ինչպէս նաեւ իրենց դուստրը՝ Ռոպինը, որ 1953 թուականին մահացած է երեք տարեկան հասակին: ԱՄՆի նախկին առաջին տիկինը կեանքէն հեռացած է Ապրիլին, ան 93 տարեկան էր:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը եղած է փակ: Պուշ Աւագի դիով դագաղը Հիւսթոնէն (Թեքսասի նահանգ) Գոլէճ Սթեյշըն բերած են գնացքով՝ իր ընտանիքի անդամներուն եւ մերձաւորներուն ուղեկցութեամբ: Սգոյ թափօրը ցուցադրած են կեդրոնական հեռուստաալիքները, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին