Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, ՀԵԸի 32 վարչութիւններու երկու հարիւր յիսունէ աւելի անդամ-անդամուհիներու մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸի տարեկան վարչական ընդհանուր ժողովը:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄի եւ ՀԵԸի քայլերգերու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ի մասնաւորի ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի եւ ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Ան նշեց, որ վարչական ընդհանուր ժողովը անցնող տարուան գործունէութիւնը արժեւորելու առիթ մը ըլլալէ աւելի, ապագայի ծրագիրներ մշակելու, զանոնք նոր վճռակամութեամբ եւ եռանդով շարունակելու ուխտավայր մըն է Միութեան բոլոր միաւորներուն համար: ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետը մէկ առ մէկ գնահատեց սկաուտական, մարզական, մշակութային, երիտասարդական միաւորներուն աշխատանքը:
Վիգէն Չերչեան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովին եւ անոր ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆենքճեանին` ՀԵԸ-ի միջոցառումներուն անմնացորդ նուիրումով օժանդակելու համար: Ան միաժամանակ շնորհակալութեան խօսք յղեց ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ ՀԵԸի գրասենեակին:
ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի ատենադպիր տիկին Սիլվա Լիպարիտեան ժողովին փոխանցեց ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ տիար Ժերար Թիւֆենքճեանի բարեմաղթութիւնները:
Ընդհանուր վարչական ժողովի առաջին բաժնին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸի վարչութիւնները գրաւոր եւ մեծ պաստառի վրայ տեսաերիզի օգնութեամբ ներկայացուցին անցնող տասներկու ամիսներուն իրենց գործունէութիւնը:
Խօսք առնողները յայտնապէս շեշտեցին իրենց ծրագիրներուն յաջողութեան մէջ ՀԲԸՄի Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովին եւ ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան հետեւողական ջանքերը:
Կարճ դադարէ եւ յիշատակի խմբանկարէ ետք, ընդհանուր վարչական ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը՝ քննարկելով 2019 տարեշրջանի համար նախատեսուած ծրագիրները իրենց մօտաւոր նախահաշիւներով: Այս միջոցին տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում: Առաջարկութիւնները արձանագրուեցան, հետագայի համար առ ի քննարկում:
Ընդհանուր վարչական ժողովը եզրափակուեցաւ ՀԵԸի կեդրոնական վարչութեան ատենապետին հաւաքական աշխատանքի կոչով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ