«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլ պատրաստ է Հըզպալլայի կողմէ փորուած ներքնուղիներու կապակցութեամբ գործողութիւններ ծաւալելու Լիբանանի մէջ, եթէ այդպիսի անհրաժեշտութիւն զգացուի: Այս մասին յայտնեց իսրայէլցի նախարար մը:
Յիշեցնենք, որ այս շաբթուան սկիզբը իսրայէլեան զօրքերը յայտարարած էին, որ շարք մը ներքնուղիներ յայտնաբերած են Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին, որոնք միտուած են օգտագործուելու Իսրայէլի մէջ յարձակումի ժամանակ: Իսրայէլի զօրքերը մեքենագիտական պեղողներ, զինուորական ջոկատ եւ մասնաւոր սարքաւորումներ ուղարկեցին սահման՝ անցափակելու ներքնուղիները: