«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թայլանտի Քօ Սամեթ կղզիին մէջ արդէն կարելի չէ փլաստիկ տոպրակներ կամ տուփեր օգտագործել: Սահմանուած կարգը խախտողները ստիպուած կ’ըլլան տուգանք վճարելու: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «АТОР»ը:
Փաթթայայէն 100 քիլոմեթր հարաւ գտնուող Քօ Սամեթի իշխանութեան հաղորդումներուն համաձայն՝ կղզիի ամբողջ տարածքը յայտարարուած է փլաստիկ տոպրակներէ եւ տուփերէ ազատ գօտի: Անոնց փոխարէն զբօսաշրջիկներուն կ’առաջարկեն օգտագործել բնական նիւթերէ պատրաստուած տոպրակներ եւ անօթներ:
Ամէն օր Քօ Սամեթ կ’այցելէ միջին հաշուով 1500 զբօսաշրջիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը, իշխանութեան հաշուարկներով, կղզիին մէջ կը ձգէ առնուազն ութ փլաստիկ տոպրակ: Հետեւաբար օրական այնտեղ կը կուտակուի շուրջ 12 000 չքայքայուող տոպրակ: Մինչդեռ, 1981 թուականէն կղզին հռչակուած է Ազգային արգելոց, եւ իշխանութիւնը երկիւղ ունին, որ այդ քանակութեամբ փլաստիկը կրնայ բնապահպանական աղէտի յանգեցնել: