«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԵՈՒՆԻՖԻԼի հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աուն եւ Ընդհանուր անվտանգութեան պետ Ապպաս Իպրահիմի հետ քննարկելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Ազգային լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տել Քոլ Իպրահիմի հետ հանդիպումին քննարկեց Լիբանանի հարաւային սահմանի գոյավիճակը, մասնաւորաբար Լիբանանէն Իսրայէլ երկարող ներքնուղիներու առկայութեան մասին յետիսրայէլեան պնդումներուն: