Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

ՔԱՀԼի «Ուրախացի´ր, Ուրախացո´ւր» Տօնավաճառը

Լիբանանահայ Կեանք

Հինգշաբթի, 6 եւ Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբեր 2018ին հաստատութեանս սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրախացի´ր, Ուրախացո´ւր» տօնավաճառը:

ՔԱՀԼի Հայ տարեցներու տիկնաց յանձնախումբը, տնօրէնութիւնը եւ հաստատութեան «Ծիրանի» խոհանոցը յաջորդաբար 5րդ տարին ըլլալով կազմակերպեցին այս տօնավաճառը: 

Հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ տօնավաճառին պաշտօնական բացումը, որ կատարեց օրուան հովանաւորող տիկնաց յանձնախումբին ատենապետուհին՝ տիկ. Սօսի Մենտիլեանը: Բացումէն անմիջապէս առաջ խօսք առաւ ՔԱՀԼի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան: Ան նախ տեղեկութիւն տուաւ ձեռնարկին մասին եւ ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց հաստատութեանս խնամակալութեան, անոր տիկնաց օժանդակ յանձնախումբին, ՔԱՀԼի անձնակազմին, «Ծիրանի» խոհանոցի խոհարարուհիներուն եւ յատկապէս տիկ. Մենտիլեանին՝ մաղթելով անոր առողջութիւն: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց աջակցութեան եւ հոգատարութեան համար: Ապա հրաւիրեց ներկաները այցելելու տարեցները, որովհետեւ տօնավաճառին նպատակներէն մէկն է «Օփըն Հաուս»ը եւ ծանօթացումը: Պատ. Թերզեան յիշեց, որ այս բոլոր աշխատանքներուն մէջ մեր խորին եւ մեծագոյն շնորհակալութիւնը ու փառքը կու տանք Աստուծոյ: Ան յիշեցուց, որ այս տօնավաճառը կը պարտինք անոր Տիրոջ՝ որն է մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս: Չմոռնանք այս տօնական օրերուն հապճեպին եւ եռուզեռին մեր փրկչին Ս. Ծնունդը: Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեանի փառաբանութեան աղօթքէն ետք բացուեցաւ տօնավաճառը, ուր ներկայացուած էին ՔԱՀԼի «Ծիրանի» խոհանոցի ուտելիքներու տեսականին, նոր տարուան զարդեղէններ, հայաստանեան գինիներ, մրգեղէններ եւ այլ:

ՔԱՀԼի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը ծնունդ առաւ «Ծիրանի» խոհանոցը հաստատուելէն ետք, որ ուտելիքներու հարուստ տեսականի մը ունի եւ հանրութեան կողմէ լաւ ընդունելութիւն գտած է:

Վա՛րձքը կատար բոլոր բաժին բերողներուն, որոնց աշխատանքը բարձր գնահատուեցաւ մեծաթիւ այցելուներու կողմէ: «Ծիրանի» խոհանոցը հաստատուեցաւ, որպէսզի օգտակար դառնայ ՔԱՀԼի զանազան ծախսերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին