ԱՆԱՀԻՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ամառնային անցած զօրակոչի ժամանակ բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս շահարկուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդիի զօրակոչուիլը, որ շատ ցաւալի էր, յատկապէս այդ տղուն համար:
Չգրուած օրէնքներ կան. կարելի չէ երբեք եւ որեւէ նպատակով զաւակը շահարկումի առարկայ դարձնել, այն ալ բանակ գացողին, այն ալ քաղաքական շահաբաժինի համար: Բայց ասիկա կատարուեցաւ: Առաւօտէն երեկոյ եթերը եւ ընկերային ցանցերը զբաղած էին համապատասխան տեսագրութիւնները ցուցադրելով, թէ տեսէ՛ք ի՜նչ սխրանք կը կատարուի, տղան բանակ կ’ուղարկեն:
Փաստօրէն մեր ենթագիտակցութիւնը կը խցկէին այն համոզումը, որ եթէ մեր երկրի հազարաւոր պատանիները բանակ կ’երթան, այդպէս ալ պիտի ըլլայ, հապա ի՞նչ, պարտք է, որ պիտի տաս հայրենիքին, իսկ եթէ վարչապետի տղան կ’երթայ, սա արդէն հիացումի արժանի սխրանք է: Ակամայ կը մերկանար մեր նոր իշխանաւորի եւ իր երկրպագուներուն նոր հոգեվիճակը կամ մտածելակերպը, որ ան արդէն ուրիշ է, մեզմէ մէկը չէ եւ տղան բանակ ուղարկելն ալ խորնարհումի արժանի զոհողութիւն է:
Բայց, ըստ երեւոյթին, հանրութիւնը համարժէք հիացում չդրսեւորեց կամ ցուցադրուած հիացումը վարչապետին չբաւարարեց: Այդ է պատճառը հաւանաբար, որ նախընտրական քարոզարշաւի առաջին իսկ օրերուն նորէն այդ թեման ջուրի երես սպրդեցաւ: Այժմ արդէն վարչապետի պաշտօնակատարը ինքը ստիպուած եղաւ յիշեցնելու. «Ես Հայաստանի միակ ղեկավարն եմ, որի որդին ծառայում է Ղարաբաղում»:
Բայց ծափահարութիւններուն եւ բացագանչութիւններուն հետեւեցան նաեւ տարակոյսներ, թէ նախկին ղեկավարներէն միայն Սերժ Սարգսեանի աղջիկները բանակին մէջ չեն ծառայած: Եւ յաջորդեց վարչապետի պատասխանը, որ Ռոպերթ Քոչարեանի տղաներուն ծառայութիւնը սուտ ծառայութիւն է, նոյնիսկ պարզուեցաւ, որ օր առ օր անգիր ըրած է, թէ անոնք ինչո՛վ զբաղած են այդ ընթացքին, նոյնիսկ այդ տեղեկութիւնները կը պահէ իր հեռախօսին մէջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Լեւոն Տէր Պետրոսեանի տղուն, տեղեկութիւնները շատ աղօտ էին՝ «Եթէ չեմ սխալուում, Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի տղան ծառայել է Շամշատինում»: Ինչո՞ւ պարոն վարչապետը չէ պարզած, թէ յստակ ո՛ւր եւ քանի՛ գիշեր քնացած է այդ տղան զօրանոցին մէջ: Արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով կը համոզուինք, որ նոր կառավարութեան օրօք ամէն ինչ ընտրովի է, քննադատութեան եւ մանաւանդ պատիժի բոլոր սլաքները, որոնք կը ներկայացուին իբրեւ ծրագրային եւ գաղափարական գերակայութիւն, խորքին մէջ խիստ որոշակի թիրախներու ուղղուած են:
Եւ ահա նախընտրական քարոզարշաւի առաջին շաբաթը անցաւ նաեւ վարչապետի պաշտօնակատարի ու նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կրտսեր որդիի նամակագրութեան նշանի տակ: Երիտասարդը փաստերով, նկարներով, վկայակոչումներով կը փորձէր ապացուցել, որ իրապէս ծառայած է: Ինչո՞ւ համար էր այս շեղումը բուն նախընտրական փուլի տրամաբանութենէն: Այդ հաւանաբար գիտէ միայն հրահրողը, բայց խմորը, ինչպէս կ’ըսեն, պիտի սկսէր նորէն ջուր առնել, այն ալ՝ ոչ իր օգտին:
Այս բաւական անախորժ իրավիճակին մէջ, ուզէիր թէ չուզէիր, ստիպուած էիր տալու հարց մը, որ ծագած էր նոր կառավարութեան կազմաւորման օրերուն եւ հետագային ըստ էութեան հռետորական դարձած էր:
Նոր կառավարութեան առանցքային դէմքերու 90 տոկոսը չէ ծառայած. մէկ չէ, երկու չէ, երեք չէ… Սա վիճակագրութիւն մըն է, որ որակի մասին կը խօսի, որոշակի կողմնորոշումի մասին, աշխարհահայեացքի մասին:
Թերեւս անհրաժեշտ էր, որ պարոն վարչապետի պաշտօնակատարը իր ուսումնասիրութիւնը սկսէր նոյնինքն այստեղէ՞ն: Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ յեղափոխութիւն ըրած ու իշխանութեան բուրգի գագաթը գրաւած պայծառ, հպարտ երիտասարդները չեն ծառայած, կա՛մ տարկէտում ստացած են երկու երեխայի հայր դառնալու, կա՛մ գիտութեան ժայռը կրծելու շնորհիւ, կա՛մ անառողջ եղած են՝ ոչ պիտանի զինծառայութեան համար:
Երեխաներու հարցը պարզ է, բայց եթէ միւսները այնքան նուիրուած էին գիտութեան զարգացման, որ չէին կրնար իրենց ուսումնասիրութիւնները ընդհատել զինծառայութեամբ, ապա ինչո՞ւ հետագային այդքան դիւրաւ նետած են գիտնականի թիկնոցն ու զինուորագրուած են քաղաքականութեան, կամ եթէ տկար էին, ապա ինչպէ՞ս եղած է, որ հիմա քաջառողջ են (փառք Աստուծոյ) եւ պիտանի՝ պետական ծառայութեան համար, այն ալ՝ շատ պատասխանատու դիրքերու վրայ: Այս հարցերը մինչեւ հիմա պատասխան կ’որոնեն, եւ կը կրկնենք, որ ինքը՝ վարչապետի պաշտօնակատարը կը ստիպէ, որ վերստին մէջտեղ բերենք: Չես կրնար չմտածել, որ թերեւս սա որոշակի դերերու բաշխո՞ւմ է, երիտասարդութեան մէկ մասը կը խնայէ ուժերը յեղափոխութիւն ընելու համար, իսկ միւս մասը կ’երթայ սահմանները պաշտպանելո՞ւ: Հետեւաբար յեղափոխութիւն կրնան ընել անոնք, որոնք իրենց ուժերը չե՞ն վատներ հայրենիքի անվտանգութեան համար:
Ասոնք, ի դէպ, հռետորական հարցեր չեն եւ կը ստիպեն շատ ցնցող եզրայանգումներ ընելու, ներառեալ Սասուն Միքայէլեանի յայտնի յայտարարութիւնը, թէ իրենց յեղափոխութիւնը աւելի կարեւոր էր մեր ազգի ճակատագրին համար, քան Արցախեան պատերազմի յաղթանակը, բնաւ լեզուի սայթաքում չէր եւ խորքային շատ ակներեւ արմատներ ունի: (Իր ժպտադէմ որդին, ի դէպ, նոյնպէս վատառողջութեան պատճառով ազատուած է ծառայութենէն եւ վերջերս ալ Հրազդանի համայնքապետ դարձած:)
Ի դէպ, հետաքննական բաւական տքնաջան աշխատանք կատարած է «Հետք» պարբերականը: Այդ ցանկի մէկ մասը (Արարատ Միրզոյեան, Տիգրան Աւինեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Էդուարդ Աղաճանեան, Մխիթար Հայրապետեան եւ այլք) անցած է նաեւ «Իմ քայլը» դաշինքի ընտրական ցուցակ:
Այդ ցուցակին մէջ ընդգրկուած 184 անձանց մէկ մասը մի քանի օր ետք կը մտնէ խորհրդարան, եւ «Հետք»ի հետաքննող լրագրողները նոր ուսումնասիրութիւններ կը սկսին: Բայց կը հասնի՞ն արդեօք իրենց նպատակին, ի վերջոյ կը պարզե՞ն, թէ ի՞նչ հիւանդութեան համար զինծառայութենէն ազատուած են զգալի թիւով պաշտօնեաներ եւ ինչպէ՞ս 27 տարեկանը բոլորելէ ետք առողջացած են: Ամենայն հաւանականութեամբ՝ ոչ: «Տեղեկացնենք, որ այս հրամանի [ՊՆ 058] համաձայն՝ զօրակոչիկի անձնական գործին մէջ առկայ փաստաթուղթերը կ»ոչնչացուին զօրակոչիկի՝ զինուորական պարտադիր ծառայութեան համար ոչ պիտանի ճանչցուելէ հինգ տարի անց, իսկ նախարարութեան մէջ կը մնայ միայն զօրակոչիկի՝ զինծառայութենէն ազատուելու հիմքին մասին տեղեկութիւն, ինչը նախարարութիւնը մեզի մշտապէս կը մերժէ տրամադրել որպէս անձնական տուեալ: Այնպէս կը պարզուի, որ նոյնիսկ շատ մեծ ցանկութեան պարագային կարելի չէ պարզել զօրակոչիկի զինծառայութենէն ազատուելու հիմքի օրինականութիւնը, եթէ վերջինս ազատուած է առողջական հիմքով»,- կը գրէ հետաքննող լրագրողը:
Այնպէս դուրս կու գայ, որ զինծառայութենէ ազատուած անձանց հիւանդութեան՝ այդ կարեւոր փաստի մասին տուեալները մեր մօտ պահպանուելու ընդամէնը 5 տարուան ժամկէտ ունին, իսկ ծառայածներու ռեժիմի տուեալները՝ օրերով ու ժամերով, քնանալ-արթննալով, 13 տարի անց ալ սրբօրէն կը պահպանուին: Արդեօք սա անհեթեթութիւն չէ՞: Ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, թէ զինծառայողը որո՛ւ որդին է՝ պաշտօնեա՞յի, թէ՞ հասարակ քաղաքացիի, Ռոպերթ Քոչարեանի՞, թէ՞ Պօղոս Պետրոսեանի:
Ուրեմն վերոյիշեալ փաստաթուղթերուն հետ կ’ոչնչացուի շատ աւելի մեծ ու կարեւոր բան մը՝ վստահութիւնը նոր իշխանութեան իւրաքանչիւր խօսքին:
Է՜հ, այսուհանդերձ առողջութիւն կը մաղթենք անոնց, իսկ մեզի՝ մնացած ոչ կառավարական հատուածին, որ ժողովուրդ կ’անուանեն, բարի ծառայութիւն:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Աղբիւրը՝ ankakh.com
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից