Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Սիսիանի Մէջ Ձնահիւսի Տակ Մնացած Զինծառայողը Մահացած է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սիսիանի մէջ, Դեկտեմբեր 5-ին, ձնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն մէկը գտած են մահացած: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան:

«Ցաւօք, զինծառայողը մահացած գտած են»,- ըսած է Ալթունեան:

Ան նշած է, որ մահացածը պայմանագրային զինծառայող, աւագ սպայ Հայկ Քարամեանն է:

Նշենք, որ ձնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն երեքը գտնուած էին, մէկի որոնողական աշխատանքները կը շարունակուէր:

Յայտնաբերուած զինծառայողներուն առողջական վիճակը կը գնահատուի բնական:

Նշենք, որ անոնք ձնահիւսի տակ մնացած էին մարտական հերթափոխի անցնելու ընթացքին»,- ըսած է Յովհաննիսեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին