«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նաթանիահու միջազգային հանրութենէն պահանջեց յաւելեալ պատժամիջոցներ կիրարկել ընդդէմ Հըզպալլայի եւ կուսակցութիւնը դատապարտել ի պատասխան հարաւային Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլ տանող ներքնուղիներ յայտնաբերելու առթիւ: