«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան Ժողովրդավարական համախմբում խորհրդարանական պլոքի անդամները նշեցին, որ իրենք տեղեկացուած չէին, թէ ի՛նչպէս պիտի իրագործուի կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղին վերացնելու միտուած ծրագիրը, որ է՝ 32 անդամնոց նախարարաց խորհուրդի ձեւաւորումը՝ փոխանակ 30ի:
Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ պլոքը հանդիպում ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի հետ՝ Շուֆի մէջ ծայր առած լարուածութենէն օրեր անց: Յառաջիկայ օրերուն պլոքը նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ: