Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Հայաստանը Պիտի Ստանձնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նախագահութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  2019 թուականին Հայաստանը պիտի ստանձնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան նախագահութիւնը։ Այս մասին, ըստ Civilnet.am-ի, այսօր Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։

Փութին յաջողութիւն մաղթած է Հայաստանին «մեկնարկող բարդ եւ կարեւոր գործին համար»։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութիւնը իր կառավարութեան գերակայութիւններէն է:

«ԵԱՏՄ երկիրներու հետ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը կը դառնայ կարեւորագոյն դրական գործօններէն մէկը, որ կ՝ազդէ երկրի տնտեսական աճին եւ արտաքին առեւտուրի ներուժին վրայ»,- ըսած է ան։

«Մենք պատրաստ ենք այսուհետեւ նոյնպէս գործադրելու բոլոր ջանքերը ամբողջարկման հիմնարկներու կատարելագործման եւ համագործակցութեան նոր ուղիներ ու մեկենականութիւններ գտնելու համար: Այս ծիրէն ներս պիտի ուզէի նշել, որ Հայաստանը կ՝ողջունէ «Ամբողջարկման գործընթացներու յետագայ խորացման մասին հռչակագիրը» եւ կը սատարէ այդ փաստաթուղթի դրոյթները, որոնք կը սահմանեն մեր համագործակցութեան փիլիսոփայութիւնը եւ անոր զարգացման հիմնական ուղղութիւնները»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին