«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի հերքեց Իսրայէլի այն պնդումները, որ Հըզպալլան, ապօրինաբար փորելով իսրայէլեան հարաւային ներքնուղիները, յաջողած է անցնիլ երկրի հիւսիսային կողմը:
«Իսրայէլի պնդումները անհիմն են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ»,- ըսաւ Պըրրի օրէնսդիրներու հետ շաբթական դրութեամբ հանդիպումին՝ ի պատասխան յիշեալ ներքնուղիները անցափակելու իսրայէլեան գործողութեան:






