Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Թուրքիան Սէուտացի Լրագրողի Սպանութեան Գործի Միջազգային Հետաքննութիւն Նախաձեռնելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հերթական անգամ անդրադարձած է սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան գործին: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը նշած է, որ Թուրքիան պատրաստ է սպանութեան գործի բացայայտման հետ կապուած դժուարութիւններու առկայութեան պարագային նախաձեռնելու անոր միջազգային հետաքննութիւնը:

«Խաշոկճիի սպանութեան հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ մենք պատրաստ ենք աւարտին հասցնելու զայն: Եթէ հետաքննութեան գործին մէջ դժուարութիւններ յառաջանան, մենք կը նախաձեռնենք միջազգային հետաքննութիւն»,- Պրիւքսելի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Չաւուշօղլուն նշած է, որ գործի բացայայտման համար շատ կարեւոր է սէուտական կողմի անկեղծութիւնը:

«Հետաքննութեան գործին մէջ Սէուտական Արաբիան պէտք է անկեղծ ըլլայ Թուրքիոյ եւ ամբողջ միջազգային հանրութեան առջեւ»,- շեշտած է Չաւուշօղլուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին