«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Շուրջ 1000 սուրիացի գաղթականներ այսօր կը վերադառնան իրենց երկիրը: Այս մասին երէկ յայտարարեց Լիբանանի Ընդհանուր անվտանգութեան գործակալութիւնը:
Տունդարձը կը մեկնարկէ առաւօտեան ժամը 6ին: Նշենք, որ հանրակառքերը կը մեկնին Լիբանանի տարածքին նախատեսուած մի քանի հաւաքակայաններէ, նախքան որ հատեն Մասնաա, Ապպուտտիէ եւ Ալ Զամարանի սահմանային անցակէտերը:






