«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ անոր լուծման համար ճանապարհներ գտնելու նպատակով դարձեալ պիտի հանդիպին ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը գրէ «Ռիա Նովոսթի»ն:
ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ պաշտօնական Մոսկուան իր համաձայնութիւնը տուած է սուրիական Իտլիպի հարցով 4 երկրի առաջնորդներու մասնակցութեամբ երկրորդ գագաթնաժողովին մասնակցելու կապակցութեամբ:
Փեսքովի փոխանցմամբ՝ այս գագաթնաժողովը, ամենայն հաւանականութեամբ, նոյնպէս տեղի կ’ունենայ Թուրքիոյ մէջ, քանի որ անոր ձեռնարկողը ի սկզբանէ եղած է Թուրքիոյ նախագահը:
Տեղեկութեան համաձայն՝ գագաթնաժողովին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Գերմանիան:






