«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի համաձայն գտնուեցաւ կառավարութեան մէջ յաւելեալ պաշտօնէութիւն ունենալու գաղափարին, եթէ վերջինս իրապէս պիտի նպաստէ կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղիի վերացման ջանքերուն:
Երեսփոխան Ալի Պազզիի հաղորդմամբ՝ խորհրդարանի նախագահը համաձայն գտնուած է մասնաւորաբար 32 նախարար ունենալու գաղափարին՝ լուծելու կառավարութեան կազմաւորման խնդիրը: Սա յատկապէս պիտի օգնէ լուծելու Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող 6 սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան հրատապ հարցը:






