«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հերթական անգամ անդրադարձած է սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան գործին: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:
Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը նշած է, որ Թուրքիան պատրաստ է սպանութեան գործի բացայայտման հետ կապուած դժուարութիւններու առկայութեան պարագային նախաձեռնելու անոր միջազգային հետաքննութիւնը:
«Խաշոկճիի սպանութեան հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ մենք պատրաստ ենք աւարտին հասցնելու զայն: Եթէ հետաքննութեան գործին մէջ դժուարութիւններ յառաջանան, մենք կը նախաձեռնենք միջազգային հետաքննութիւն»,- Պրիւքսելի մէջ յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Չաւուշօղլուն նշած է, որ գործի բացայայտման համար շատ կարեւոր է սէուտական կողմի անկեղծութիւնը:
«Հետաքննութեան գործին մէջ Սէուտական Արաբիան պէտք է անկեղծ ըլլայ Թուրքիոյ եւ ամբողջ միջազգային հանրութեան առջեւ»,- շեշտած է Չաւուշօղլուն:






