Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Սուրիական Իտլիպի Հարցով ՌԴ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Առաջնորդներու Նոր Հանդիպում Կը Սպասուին Թուրքիոյ Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ անոր լուծման համար ճանապարհներ գտնելու նպատակով դարձեալ պիտի հանդիպին ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:

 Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը գրէ «Ռիա Նովոսթի»ն:

ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ պաշտօնական Մոսկուան իր համաձայնութիւնը տուած է սուրիական Իտլիպի հարցով 4 երկրի առաջնորդներու մասնակցութեամբ երկրորդ գագաթնաժողովին մասնակցելու կապակցութեամբ:

 Փեսքովի փոխանցմամբ՝ այս գագաթնաժողովը, ամենայն հաւանականութեամբ, նոյնպէս տեղի կ’ունենայ Թուրքիոյ մէջ, քանի որ անոր ձեռնարկողը ի սկզբանէ եղած է Թուրքիոյ նախագահը:

Տեղեկութեան համաձայն՝ գագաթնաժողովին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Գերմանիան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին