«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն «Բալ-Է» առափնեայ հրթիռային համալիրի (ԱՀՀ) մատկարարումը ձախողած է ՌԴի պաշտպանութեան նախարարութեան դիրքորոշման պատճառով: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, Դեկտեմբեր 5ին յայտնած է «Քոմերսանթ» թերթը:
Ըստ թերթի տեղեկութեան՝ ռուս զինուորականները համարած են, որ այդ համալիրի հրթիռի նոյնիսկ արտահանական տարբերակը կրնայ սպառնալիք ներկայացնել ՌԴ կասպիական նաւատորմի նաւերու համար, որոնք կը գտնուին Ռուսաստանի տարածքային ջուրերուն վրայ:
Թերթը, յղում ընելով աղբիւրի մը, որ ծանօթ է իրադրութեան, կը նշէ, որ Ազրպէյճանը եւ Ռուսիան նախաստորագրած էին պարտաւորագիր, որ կը նախատեսէր ոչ մեծ խմբաքանակի ԱՀՀի եւ մի քանի տասնեակ 3M24 հրթիռներու (X-35ի արտահանական տարբերակի) մատակարարում, սակայն համաձայնագրի ստորագրութիւն չեղաւ:
Հրատարակութիւնը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն «Բալ»-ի մատակարարումներու թեման այժմ չի քննարկուիր, քանի որ առկայ է «շատ նուրբ աշխարհաքաղաքական նրբերանգ». վերջին տարիներուն X-35 տիպի հրթիռի ինքնանշանառումի գլխիկը արդիականացուցած են ոչ միայն ծովային, այլեւ ցամաքային թիրախները խոցելու համար: «Մենք չենք ցանկար, որ այդ զէնքը կիրարկուէր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ»,- ըսած է թերթի աղբիւրներէն մէկը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:






