Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Պահեստազօրի Սպայական Կազմի Զօրակոչ Պիտի Յայտարարէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ կառավարութիւնը պիտի յայտարարէ 2018 Դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու պահեստազօրի սպայական կազմին մէջ հաշուառուած՝ մինչեւ 35 տարեկան արական սեռի բժիշկ-մասնագէտներու պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչ (պահեստազօրի սպայական կազմի զօրակոչ)՝ ծառայութեան ժամկէտը սահմանելով երկու տարի:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այդ մասին որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Դեկտեմբեր 6-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Նշեալ որոշումով պիտի սահմանուի պահեստազօրի սպայական կազմի զօրակոչի ենթակայ անձերու քանակը՝ մինչեւ 70 բժիշկ-մասնագէտ:

Պահեստազօրի սպայական կազմի զօրակոչի ծիրէն ներս՝ մինչեւ 2018 Դեկտեմբեր 31-ը ներառեալ պիտի զօրացրուին «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքով սահման­ուած ժամկէ­տի մէջ պահեստազօրի սպայական կազմի պարտադիր զինուորական ծա­ռա­յու­թիւն անցած զինծառայողները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին