«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսայի իշխանութիւնը պաշտօնապէս պենզինի եւ վառելանիւթի գիներու աճի յետաձգում կը սահմանէ վեց ամիսով: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, Դեկտեմբեր 4ին յայտարարած է հանրապետութեան վարչապետ Էտուար Ֆիլիփը՝ ելոյթ ունենալով Մատինիոնեան պալատին մէջ: Մեքենաներու քսաիւղի կայաններու սակացոյցին վրայ յետաձգումի սահմանումը «դեղին բաճկոնաւորներու» շարժումի մասնակիցներու պահանջներէն մէկն էր: «Ոչ մէկ հարկ կրնայ հասարակութեան միասնութենէն թանկ ըլլալ»,- ըսած է Ֆիլիփը: «Ես անսացի ֆրանսացիներու ցասումին»,- յաւելած է ան:
Նաեւ երկրին մէջ որոշուած է կէս տարիով յետաձգել մեքենաներու թեքնիկական հսկողութեան նոր կանոններու սահմանումը:
«Ես այդ նոր կանոնները կը կասեցնեմ կէս տարիով»,- ըսած է վարչապետը: Անոր հետ մէկտեղ ան խոստացած է յառաջիկայ բանակցութիւններուն հասնիլ աւելի մատչելի համակարգի ընդունման, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:






