Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Պասիլ Եւ Ապտուլ Մահտի Փոխադարձ Ցանկցութիւն Կը Յայտնեն Կապերու Ամրապնդման Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պաշտօնական այցով Իրաք գտնուող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ եւ Իրաքի վարչապետ Ատըլ Ապտուլ Մահտի քննարկեցին շարք մը ուղիներ՝ ուղղուած Իրաքի եւ Լիբանանի յարաբերութիւններու խորացման եւ զարգացման: Այս մասին կը տեղեկանանք Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած յայտարարութենէն:
Երկուստեք փոխցանկութիւն յայտնած են զարկ տալու երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան եւ ներդրումային ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ համակարծիք եղած են, որ Իրաքի, Լիբանանի եւ Յորդանանի տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները պէտք է անպայման հանդիպում ունենան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին