Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

ՄԱԿի ԱԽը Ֆրանսայի Եւ Բրիտանիոյ Պահանջով Կը Քննարկէ Իրանի Հրթիռային Փորձարկումները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդը Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ նախաձեռնութեամբ փակ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Իրանի հրթիռային փորձարկումներուն շուրջ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, «ԹԱՍՍ»ին յայտնած է ՄԱԿին առընթեր Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսիս Մոջասքին: «Իրանի հրթիռային փորձարկումներուն շուրջ խորհրդակցութիւնները տեղի կ’ունենան վաղը առաւօտեան փակ ձեւաչափով»,- երէկ ըսած է ան: ԱԽի առաւօտեան նիստը կը սկսի ժամը 10:00ին (Լիբանանի ժամանակով ժամը 17:00ին):

Դեկտեմբեր 1ին ԱՄՆի պետական քարտուղար Մայքլ Փոմփէօն յայտարարած է, որ Թեհրանը միջին հեռահարութեան ձգաբանական հրթիռի փորձարկում իրականացուցած է՝ հակառակ ՄԱԿի ԱԽի 2231 բանաձեւին: Ըստ իրեն՝ խօսքը կը վերաբերի «միջին հեռահարութեան ձգաբանական հրթիռի, որ կրնայ մի քանի մարտագլխիկ կրել»: Ի պատասխան Իրանի զինուած ուժերու պաշտօնական ներկայացուցիչ, ռազմական միաւորումի հրամանատար Ապոլֆազլ Շեքարչին Դեկտեմբեր 2ին յայտարարած է, որ երկիրը կը շարունակէ հրթիռային փորձարկումները իր պաշտպանունակութիւնը ամրապնդելու համար, ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Մայիս 8ին յայտարարած է, որ Ուաշինկթընը դուրս կու գայ միջուկային ծրագիրին վերաբերեալ Իրանի հետ համաձայնագիրէն եւ կը վերականգնէ Իրանի դէմ բոլոր պատժամիջոցները, այդ կարգին՝ պատժամիջոցները այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք առեւտուր կ’իրականացնեն Իրանի հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին