«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Լոռի մարզ գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան Սպիտակի մէջ ծաղիկներ խոնարհած են 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին:
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի աշխատակազմի Ֆէյսպուքի պաշտօնական էջէն:






