«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական այցով Իրաք գտնուող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ եւ Իրաքի վարչապետ Ատըլ Ապտուլ Մահտի քննարկեցին շարք մը ուղիներ՝ ուղղուած Իրաքի եւ Լիբանանի յարաբերութիւններու խորացման եւ զարգացման: Այս մասին կը տեղեկանանք Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած յայտարարութենէն:
Երկուստեք փոխցանկութիւն յայտնած են զարկ տալու երկու երկիրներուն միջեւ զբօսաշրջութեան եւ ներդրումային ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ համակարծիք եղած են, որ Իրաքի, Լիբանանի եւ Յորդանանի տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները պէտք է անպայման հանդիպում ունենան:






