Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Բարի Երթ ԹՄՄ Երիտասարադական Նուագախումբին

Կիրակի, 2 Դեկտեմբեր 2018ին ներկայ եղայ ԹՄՄի Երիտասարդական նուագախումբի տարեկան համերգին՝ ղեկավարութեամբ սաքսոֆոնիստ Վիգէն Չալեանի (հալէպահայ): Հայերէն եւ ֆրանսերէն երգերու շատ լաւ կատարումով Ալիս Իփրաճեան արժանացաւ ունկնդիրներու արդար ու ջերմ գնահատանքին։ Կայուն ձայնով, ճշգրիտ երաժշտականութեամբ եւ յուզականութեամբ ունկնդիրին հաղորդեց երգերուն պատգամը, ինչ որ արհեստավարժ երգիչ–երգչուհիներէ ակնկալուածն է: Ընդհանուր ելոյթը առոյգ էր՝ շնորհիւ երգող ու նուագող երիտասարդ արուեստագէտներուն, որոնք իրենց վարժութիւնը կը պարտին իրենց ղեկավարին՝ արհեստավարժ երաժիշտ Վիգէն Չալեանին։ ԲԱՐԻ ԵՐԹ բոլոր մասնակիցներուն։

Յասմիկ Սանոսեան Թեմիզեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին