«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ նախագահ Միշէլ Աուն պատուիրեց, որ անվտանգութեան գործակալութիւնները հետեւին հարաւային սահմանին տիրող իրավիճակին յետիսրայէլեան այն յայտարարութեան, ուր կը նշուի, որ կառավարութիւնը սկսած է գործողութիւններ ծաւալել Հըզպալլայի կողմէ ապօրինաբար փորուած ներքնուղիները անցափակելու ուղղութեամբ:
Աուն յանձնարարեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին, վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիին եւ հրամանատար Ժոզէֆ Աունին, որ քննարկեն Իսրայէլի սոյն յայտարարութիւնը:






