«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող սիւննի խումբ մը երեսփոխաններ մտադիր չեն անվտանգութեան վերջին զարգացումները իբրեւ առիթ օգտագործել իրենց ներկայացուցչութեան իրաւունքը բարձրաձայնելու համար: Այս մասին հաղորդեց 6 սիւննի երեսփոխաններէն Ապտըլ Ռահիմ Մրատը:
«Մեր արդար իրաւունքն է յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգել»,- Թաուհիտ կուսակցութեան առաջնորդ եւ Հըզպալլայի դաշնակից Ուիամ Ուահապին ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք վերջինիս թիկնապահին սպանութեան առիթով, լրագրողներուն ըսաւ Մրատ:






