Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Սպանիան 900 Մլն Եուրօ Կը Յատկացնէ Կլիմայական Փոփոխութիւններու Դէմ Պայքարին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սպանիան 2020 թուականէն տարեկան 900 մլն եուրօ կը յատկացնէ մթնոլորտ վտանգաւոր արտանետումները կրճատելու նպատակով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, այս մասին յայտնած է երկրի վարչապետ Փետրօ Սանչեսը:

Ան կարծիք յայտնած է, որ երկիրները չեն կատարեր կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի մասին Փարիզեան համաձայնագրի դրոյթները: «Ինչպէս ցոյց կու տան 2017 թուականի արտանետումները, մենք հեռու ենք 2015 թուականին նախանշուած նպատակներու իրագործումէն»,- յայտարարած է ան կլիմայական փոփոխութիւններու հարցով ՄԱԿի 24րդ համաժողովի ծիրէն ներս:

Սանչեսը կոչ ըրած է համատեղելու ջանքերն ու կեանքի կոչելու Փարիզեան համաձայնագրի ծիրէն ներս ստանձնած պարտականութիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին