«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ երէկ առաջին անգամ ըլլալով ժամանեց Պաղտատ: Ան այդտեղ հանդիպումներ պիտի ունենայ իրաքցի եւ քիւրտ աւագ պաշտօնատարներու հետ: Այս մասին կը հաղորդեն արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Նախատեսուած է, որ Պասիլ հանդիպում ունենայ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալըհի, վարչապետ Ատըլ Ապտըլ Մահտիի եւ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմատ Ալ Հալպուսիի հետ: Այնուհետեւ պիտի ուղղուի Էրպիլ՝ հանդիպում ունենալու Իրաքեան Քիւրտիստանի նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի եւ ներկայ վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի հետ:






