«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Արժանթինի մէջ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ G20ի գագաթնաժողովին իր ունեցած հանդիպումը Դեկտեմբեր 3ին բնութագրած է որպէս երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ կատարուած մեծ թռիչք:
«Չինաստանի առաջնորդ Շի Ճինփինկի հետ հանդիպումս բացառիկ էր: Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները մեծ թռիչք արձանագրեցին»,- գրած է Թրամփ թուիթըրեան էջին մէջ:
«Շատ լաւ բաներ տեղի կ’ունենան… Չինաստանը կը կարողանայ մեծապէս շահիլ առեւտրական գործարք կնքելու պարագային»,- յաւելած է ԱՄՆի նախագահը: Դեկտեմբեր 2ին Թրամփ Twitterի վրայ գրած էր, որ Չինաստանը համաձայնած է կրճատել եւ վերացնել ամերիկեան արտադրութեան մեքենաներու ներկրման մաքսերը: «Չինաստանը համաձայնեցաւ կրճատել եւ վերացնել ԱՄՆէն Չինաստան մեքենաներու ներկրման մաքսերը: Այս պահուն մաքսերու չափը կը կազմէ 40 տոկոս»,- նշած է նախագահը:
Անցած հանգստեան օրերուն ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրափ եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Արժանթինի մէջ G20ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայացած հանդիպումին համաձայնութեան եկած են 90 օրուան ընթացքին նոր առեւտրական համաձայնագիր կնքելու համար ջանքեր գործադրելու շուրջ: Միաժամանակ Սպիտակ տան ղեկավարը համաձայնած է Յունուար 1էն 200 միլիառ տոլար գումարի չինական արտադրանքի սակագիները 10 տոկոսէն չբարձրացնել մինչեւ 25 տոկոս, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:






