«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան յայտարարութիւն տարածած է ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Յարութիւնեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ անոր նկատմամբ խափանման միջոցը կալանաւորումը ընտրելու վերաբերեալ ՀՀ գլխաւոր դատախազի միջնորդութեան կապակցութեամբ: Կը ներկայացնենք ՀՀ ԱԺ նախագահի յայտարարութիւնը:
«Հաշուի առնելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 108րդ յօդուածի 1ին մասի պահանջը յայտարարում եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը միջնորդութիւններ է ներկայացրել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արամ Խաչիկի Յարութիւնեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն, ինչպէս նաեւ նրա նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց կիրառելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ»,- նշուած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանի յայտարարութեան մէջ:






