Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Վանաձորցիները Դժգոհ Են

«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 6 –

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնքի»ի աշխատակից

Ատենօք գործարաններով հարուստ Վանաձորի բնակիչները, որոնք անկախ Հայաստանի երեք նախագահներուն պատճառով կորսնցուցին իրենց աշխատատեղերն ու տնտեսապէս խեղճացան, ունին նաեւ կենցաղային այլ խնդիրներ, որոնք նոյնպէս դժգոհութիւն կը պատճառեն իրենց, քանի որ աշխատանքի գացող-եկող չկայ, օթոպիւսի կարիք ալ չկայ, քաղաքացիներուն կը սպասարկեն երթուղային թաքսիներ` առաւելագոյնը 15 ուղեւոր փոխադրող ինքնաշարժներ: Բնակիչները, սակայն, գոհ չեն  այս փոխադրամիջոցի սպասարկութենէն: Այս երթուղային թաքսիները չունին կանոնաւոր ժամանակացոյց. մարդիկ յաճախ 10-15 վայրկեան կը սպասեն կայարանները, եւ յանկարծ 3 կամ 4  թաքսի մէկ շարք կազմած կը յայտնուին կայարանի առջեւ, եւ կը սկսի ուղեւորներու հրմշտկոցը: Ուղեւորը պաշտպանուած չէ քամիէն ու անձրեւէն, քանի որ կայարանը ծածկ չունի: Անձրեւի տակ մարդիկ կը թրջուին ու կը մսին: Նստարան ալ չկայ, որ տարեց մարդը կամ յոգնած կինը կարողանայ նստիլ: Քաղաքապետարանը երբեմն յենքին վրայ տախտակներ ամրացնելով կը նորոգէ նստարանները, բայց կարճ ժամանակ անց փայտերը կ’անհետանան: Ժողովուրդը կը բողոքէ նաեւ վարորդներու կամայականութեան դէմ: Վարորդը երեկոյեան երբ կ’ուզէ, կը դադրեցնէ իր գործը, իսկ ուղեւորը երկար կը սպասէ, այն յոյսով, որ երթուղային թաքսին ուր որ է կը յայտնուի:

Վարորդներն ալ իրենց բողոքները ունին, քանի որ քաղաքի փողոցները մեծ մասով քանդուած են, բազմաթիւ փոսեր յառաջացած են, եւ վարորդը ստիպուած է ղեկը աջ ու ձախ դարձնելու՝ ինքնաշարժը անփորձանք տեղ հասցնելու համար: Անձրեւոտ օրերուն անձրեւաջուրը կը ծածկէ փոսերը եւ վարորդի համար նոր դժուարութիւն կը յառաջացնէ: Նոյեմբերին սեփական կազմակերպութիւն մը ասֆալտապատման համար ամենացած գինը առաջարկելով, շահեցաւ մրցոյթը եւ վերանորոգեց դէպի երկաթուղիի կայարան տանող փողոցը: Սակայն շաբաթ մը ետք այդ նոր փռուած ասֆալտը փշրուեցաւ՝ փողոցը երկրորդ անգամ նորոգելու պահանջ յառաջացնելով: Վարորդները բողոքեցին նաեւ շրջանցներու մօտ յատուկ լոյսերու բացակայութեան համար:

Լոռուայ նոր նշանակուած մարզպետ Անտրեյ Ղուկասեանը իրաւացի գտաւ բողոքները եւ խոստացաւ յառաջիկայ գարնան վերսկսիլ վերանորոգման աշխատանքները՝ խոստանալով նաեւ չեղեալ յայտարարել մրցոյթը շահած կազմակերպութեան հետ կնքած պայմանագիրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին