«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սպանիան 2020 թուականէն տարեկան 900 մլն եուրօ կը յատկացնէ մթնոլորտ վտանգաւոր արտանետումները կրճատելու նպատակով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, այս մասին յայտնած է երկրի վարչապետ Փետրօ Սանչեսը:
Ան կարծիք յայտնած է, որ երկիրները չեն կատարեր կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարի մասին Փարիզեան համաձայնագրի դրոյթները: «Ինչպէս ցոյց կու տան 2017 թուականի արտանետումները, մենք հեռու ենք 2015 թուականին նախանշուած նպատակներու իրագործումէն»,- յայտարարած է ան կլիմայական փոփոխութիւններու հարցով ՄԱԿի 24րդ համաժողովի ծիրէն ներս:
Սանչեսը կոչ ըրած է համատեղելու ջանքերն ու կեանքի կոչելու Փարիզեան համաձայնագրի ծիրէն ներս ստանձնած պարտականութիւնները:






